2014-11-08 15:52:43

''Տոն Պոսքոյի նման` ուրախութեամբ ընկալեցէք երիտասարդները'' – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունելով Սալեզեան իգական միաբանութեան անդամները։


(Ռ.Վ. 8 նոյեմբեր 2014) ''Միշտ հիւրընկալ եղէք երիտասարդներուն հետ, յաղթահարելով հոգեկան եւ նիւթական թշուառութիւնները'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յորդորը ուղղուած ''Օգնական Տիրամօր դուստրեր'' Աալեզեան միաբանութեան անդամներուն, որոնք Հռոմի մէջ գումարած են իրենց միաբանական ընդհանուր ժողովը որպէս նիւթն ունենալով ''Երիտասարդներուն հետ միասին այսօր` որպէս աւետարանիչ տուն''։
Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց կրօնաւորուհիները ուղղուելու դէպի արուարձանները, յատուկ ուշադրութիւն ընծայելով աղքատներուն։ Եղէք միշտ սիրոյ նշան, հասկնալով երիտասարդներուն դիւրաբեկութիւնը այնպէս ինչպէս կ՛ընէր Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոն – յարեց Քահանայապետը, վերյիշելով միաբանութեան խարիզմը ու խրախուսելով միաբանութեան անդամները իրենց տուները դարձնել աւետարանութեան միջավայրեր որպէսզի երիտասարդներն ալ իրենց կարգին դառնան աւետարանիչներ։
Եղէք ամենուրէք մարգարէական վկայութիւն եւ դաստիարակչական ներկայութիւն, անվերապահ ընկալելով երիտասարդները եւ դիմագրաւելով միջմշակութային մարտահրաւէրները ու բացայայտելով նոր ուղիներ որ արդիւնաւէտ դարձնեն ձեր առաքելական աշխատանքը, երիտասարդութեան վերապահուած թուային աշխարհի եւ նորոյթ արուեստագիտութեան միջավայրին մէջ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - ընդգծելով կրօնաւորական հոգեւոր կեանքի մէջ Քրիստոսը կեդրոն նկատելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ամէն գնով փնտռելու միութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց հասարակութիւնները կործանող դատարկախօսութեան վտանգներուն։
Բոլորին համար հանդիսացէք ուրախութեան եւ յոյսի միսիոնարներ վկայելով Սալեզեան միաբանութեան ձեր ինքնութեան արժէքները, ու յատկապէս ''հանդիպումի'' արժէքը որ ձեր խարիզմի հիմնական եւոյթներէն մին է։

Ձեր ճանապարհորդութեան ընթացքին ստոյգ դժուարութիւնները թող չի դանդաղեցնեն ձեր եռանդը ու ձեր առաքելական ներգործութիւնը – շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ կրօնաւորական կեանքը կը գտնուի եկեղեցական հասարակութեան կեդրոնը ու թէ ան կը հանդիսանայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան որոշիչ տարր ։








All the contents on this site are copyrighted ©.